
Հայաստանի Դահուկարշաւի Ախոյեանութիւն. Միքայէլեան Եւ Գալստեան` Դասական Ոճի Լաւագոյնները
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Հայաստանի դահուկարշաւի ախոյեանութիւնը, որ կ’իյնայ դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին վարկանշային մրցաշարքերու ցանկին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Աշոցքի մէջ տեղի ունեցած աղջկանց 5 քմ դասական ոճին մէջ, ոսկիէ մետալակիր դարձաւ Քաթիա Գալստեան, մինչ անոր յաջորդեցին Անճելինա Մուրատեան եւ Նելլի Խաչատրեան:
Իսկ տղոց 10 քմ դասական ոճին մէջ, Հայաստանի յառաջատար Միքայէլ Միքայէլեան գրաւեց առաջին դիրքը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Թադէոս Պօղոսեան եւ Սպարտակ Ոսկանեան:
Երէկ տեղի ունեցան աղջկանց 5 քմ-ի եւ տղոց 10 քմ-ի ազատ ոճի մրցումները:
Հայաստանի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները նախատեսուած են 12-14 Փետրուարին: