
Տինքի Սպանութեան Գործով Ձերբակալուած է Եւս 1 Ոստիկան-Սպայ
Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան քրգործի ծիրէն ներս ձերբակալուած է կասկածեալ Օքան Շիմշեքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը։
Թրքական դատարանը, Յունուար 8-ին, կայացուցած էր որոշում՝ ձերբակալելու Տրապիզոնի ոստիկանական հետախուզական բաժնի նախկին սպայ Օքան Շիմշեքը՝ Տինքի սպանութեան ծրագրի մասին տեղեակ ըլլալու եւ զայն թաքցնելու համար:
Թուրքիոյ իրաւապահ մարմինները Շիմշեքը ձերբակալած են Մանիսա քաղաքին մէջ:
Օրեր առաջ՝ թրքական դատարանին որոշումով՝ Տինքի սպանութեան գործով ձերբակալուած էին նաեւ ոստիկանական հետախուզութեան երկու նախկին սպաներ՝ Վէյսալ Շահինը եւ Վոլքան Շահինը:
Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինքը սպաննուած է 2007 Յունուար 19-ին` Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցով։r