
Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Սադրանքին Հետեւանքով Պայմանագրային Զինծառայող Մը Զոհուած Է
Վերջին օրերուն հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ, ազրպէյճանական կողմը ցուցաբերած է աշխուժութիւն եւ փորձած ձեռնարկել ամրաշինական աշխատանքներ՝ նպաստելով առաջնագիծին վրայ լարուածութեան աճին: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Հակառակորդի աշխուժութիւնը ճնշելու եւ յետագայ սրացումները կանխելու նպատակով՝ ՀՀ ԶՈւ առաջապահ ստորաբաժանումները ստիպուած եղած են ձեռնարկելու համապատասխան գործողութիւններ:
Հակառակորդի հերթական սադրանքին հետեւանքով, Սեպտեմբեր 16-ին, հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին վրայ զոհուած է պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր տասնապետ Յովիկ Նելսոնի Թամազեանը։
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Ստեղծուած իրավիճակին եւ սահմանային լարուածութեան աճին ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: