
Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերը՝ Ըստ Երեւանի եւ Մարզերու
ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան, Մարտ 31-ին, Facebook-ի իր էջին վրայ ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերը՝ ըստ Երեւանի եւ մարզերու:
«Պէտք է նշել, որ 532 դէպքէն այս պահուն ճշգրիտ է 502 քաղաքացիի բնակութեան վայրը:
«Մնացեալ 30 հիւանդի բնակութեան վայրը կը պարզուի, քանի որ վերջիններուս փաստացի եւ անձնագրի մէջ հաշուառուած տուեալներուն մէջ կայ անհամապատասխանութիւն:
Աւելցնենք, որ նշուած վիճակագրութիւնը չի կապուիր համաճարակաբանական գործողութիւններու հետ եւ հաստատուած իւրաքանչիւր դէպք ուսումնասիրուած է մասնագէտներու կողմէ: Տուեալները լիովին յստակացնելէ ետք պիտի հրապարակուի նաեւ քարտէզը։
Երեւան` 219
Արագածոտն` 10
Արարատ` 113
Արմաւիր` 51
Լոռի` 4
Կոտայք` 88
Շիրակ` 6
Սիւնիք` 8
Վայոց Ձոր` 1
Տաւուշ` 2»: