Յայտնի է Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու Հանդիպման Օրը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը կը նախատեսուի իրականացնել Ուաշինկթընի մէջ, Յունիս 20-ին: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Կը յայտնենք, որ Յունիս 20-ին կը նախատեսուի Ուաշինկթընի մէջ՝ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ՝ իրականացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հերթական հանդիպումը։ Յունուարին Փարիզի մէջ եւ Ապրիլին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումներէն ետք քննարկումներ կ՝ընթանային ԱԳ նախարարներուն միջեւ յաջորդ հանդիպումը երրորդ համանախագահ երկրին` ԱՄՆ-ի մէջ իրականացնելու մասին։ Ինչպէս նախապէս, այս անգամ եւս, մասնակիցներուն միջեւ համաձայնութիւն եղած էր հանդիպման մասին յայտարարութեան միաժամանակեայ տարածման շուրջ։ Հայաստանը հաւատարիմ կը մնայ այս համաձայնութեան։

Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի շարունակական դատապարտելի խախտումները եւ սադրիչ գործողութիւնները, որոնք վերջին օրերուն պատճառ դարձած են մարդկային անդառնալի կորուստներու եւ յանգեցուցած են սահմանագիծին վրայ իրավիճակի լուրջ լարման, ձեւաւորած են հանդիպման ընդառաջ ոչ նպաստաւոր միջավայր։

Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք կը բնութագրուին ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումով, կը խոչընդոտեն խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայրի կայացման եւ ըստ այդմ կը խաթարեն խաղաղ կարգաւորման գործընթացի առաջընթացին։

Ստեղծուած իրավիճակը կը պայմանաւորէ ուաշինկթընեան հանդիպման օրակարգի յստակ գերակայութիւններ»,- ըսուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։