
Էրտողան Յայտարարած է, Որ Թուրքիան «Մարդկութեան Յոյսն է»
Թուրքիան մարդկութեան, իր ընկերներու յոյսն է: Այդ մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Անոր խօսքով` Թուրքիան արդէն ան թոյլ երկիրը չէ, ինչպիսին էր անցեալ դարու 1990-ականներուն:
Էրտողան ըսած է, որ «այսօր Թուրքիան վերածուած է տարածաշրջանի գերտերութեան»:
«Հակառակ բոլոր յարձակումներուն` մեր երկիրը շնորհիւ իր տնտեսութեան ու ժողովրդավարութեան աւելի կը զարգանայ»,- ըսած ան:
Էրդողան ընդգծած է, որ վաղ թէ ուշ Թուրքիան ընդմիշտ պիտի լուծէ ահաբեկչութեան խնդիրը: