Ի՞նչ Ցոյց Տուաւ ՀՅԴ–ի Հանրահաւաքը

Հայաստան

Կը ներկայացնենք Պետրոս Ալեքսանեանի 7or.am կայքի մէջ հրապարակուած անդրադարձը

Երկու օր առաջ նախաձեռնած ՀՅԴ–ի՝ «Լրջացէ՛ք» կոչի ներքոյ իրականացուող հրատապ հանրահաւաքը մարդաշատ էր։ Մարդաշատութիւնը, բնականաբար, յարաբերական հասկացողութիւն է։ Տուեալ պարագային հանրահաւաքը մարդաշատ կարելի է համարել, քանզի մի քանի անգամ աւելի շատ մարդ եկած էր Ազատութեան հրապարակ, քան Նիկոլ Փաշինեանի հակասահմանադրական կոչով Երկուշաբթի օրը հաւաքուած էին դատարաններուն մօտ։ Նիկոլի կոչով հաւաքուած էին 1000–էն քիչ մը աւելի։ Իսկ հանրահաւաքին այդ հազարը մի քանիով բազմապատկուած էր։

Դատելով ամէնէն՝ փաշինեանը զայրացած էր ՀՅԴ–ի հանրահաւաքէն։ Պատահական չէ, որ սորոսամերձ եւ նիկոլամերձ լրատուամիջոցները այնպիսի նկարներ կը տարածէին հանրահաւաքէն, որ ցոյց տային, թէ իբր 100-200 մարդ եկած էր։ Եթէ իշխանական քարոզչամեքենայի յոյսը այդօրինակ աժանագին խարդաշութիւններն են, ապա անիկա կը նշանակէ, որ Փաշինեանը, իրօք, զայրացած է։

Այն, ինչ կ’ընեն իշխանամերձ քարոզչագործիքները, համապատասխան սրտի անհամապատասխան մխիթարանք է։ Նախապէս ալ կը դիմէին նման միջոցներու, իբրթէ շատ մարդ չկայ հաւաքուած եւ այլն։ Թէ ինչով աւարտեցաւ այդ ամէնը, Նիկոլը ամենալաւը գիտէ։ Այնպէս որ կառավարութեան համար առաջին հրապարակային զանգը հնչեց։ Եւ ասիկա այն պարագային, երբ խորհրդարանական ընտրութիւններէն մի քանի ամիս անցած է։

Փաշինեանի վարկանիշը ոչ թէ անկում կ’ապրի, այլ կը գահավիժի, ինչը բնական է։ Արհեստական ու շատ արագ վերելքը նոյնանման վայրէջք կ’ապահովէ։

Ինչ կը վերաբերի հանրահաւաքին, ապա անիկա նախ կոտրեց տարածուած կարծրատիպը, թէ իբր միայն Նիկոլը կրնայ ժողովուրդ հաւաքել ու ժողովուրդի անունով խօսիլ։ ետյեղափոխական Հայաստանի մէջ առաջին անգամ Նիկոլի «փողոցային» մենաշնորհը կոտրուեցաւ։ Եւ ասիկա դեռ սկիզբն է։ Ինչքան Նիկոլը շատ սխալներ թոյլ տայ, այնքան այլընտրանքային փողոցն ու լսարանը պիտի մեծնան։

ՀՅԴ–ի հանրահաւաքին եկողները բազմաշերտ էին։ Ասիկա այն դէպքն էր, երբ կարեւոր էր ոչ թէ հանրահաւաքին հնչած ելոյթներու բովանդակութիւնը, այլ մարդաշատ հանրահաւաքի կայացման փաստը, քանզի անիկա կը զրկէ Փաշինեանը բոլորի ու ամէնքի անունով խօսելու հնարաւորութենէն։

Մարդաշատութիւնը ներկայիս քաղաքական «մակնիշ» է, որմէ զրկուած է Փաշինեանը։ Ան հիմա եթէ ուզէ ալ, անգամ վարչական լծակներով չի կրնար ստանալ Հանրապետութեան հրապարակի այն պատկերը, որ կար նախորդ տարի։ «Ժողովուրդի» վարչապետը այդ մէկը գիտէ կամ կը զգայ, անոր համար ալ իյնկած է սրճարանները, բայց արդէն իր հետ գլխապատառ սելֆի ընողներու բանակներ չկան։ Մնացած են ինքն ու «ախռանան» (դիկնապահները)։ Վերջինս, ըստ ամենայնի, օրերը կը հաշուէ, թէ երբ պիտի ազատի այդ էքսենդրիք անձնաւորութեան քմահաճոյքները կատարելէն։

Յ.Գ.։ ՀՅԴ–ն դեղին քարտ ցոյց տուաւ կառավարութեան։ Դեղին քարտի գաղափարը վատ չէ։ Յատկապէս երբ անիկա կը հնչեցուի կարմիր դրօշով ուժի կողմէն։

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը