«Նայիրեան Մշակոյթի Օր» Սուրիոյ Մէջ

Սփիւռք

ՍՕ Խաչի «Նայիրի» Մասնաճիւղը այս տարի յարմար նկատեց աւանդական դարձած նայիրեան մշակութային ձեռնարկը ձօնել Արեւմտահայաստանի նահանգներուն, շէն ու հայաշատ գաւառներուն, հայկական այն տարածքներուն, ուր ստեղծագործ մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ ապրած է՝ դաւանելով վսեմին ու գեղեցիկին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան «Լեւոն Շանթ» սրահը լի էր խաչուհիներու կուռ շարքերով։

Սրահը խնամքով յարդարուած էր։ Սրահի կեդրոնը զարդարուած էր հայկական կարպետներով եւ գորգերով։ Սրահի երկու կողմերը զետեղուած սեղաններուն վրայ ներկայացուած էին հայկական գաւառներու ասեղնագործերէն օրինակներ։

Սեղանի մը վրայ տեղադրուած էր մասնաճիւղի վաստակաշատ ընկերուհիներու կենսագրականները, ՍՕ Խաչի մէջ անոնց գործունէութեան տուեալները եւ լուսանկարները։

Ձեռանարկի բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի օրհներգով։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Նայիրի» Մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարալ Սեմէրճեան։ Ան անդրադարձաւ ՍՕ Խաչի նուիրական առաքելութեան, ապա դիտել տուաւ, որ ցեղասպանութենէն վերապրող հայը աշխարհով մէկ պահած է իր ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթի առ այդ պատմութիւնը, մարդկային յիշողութիւնը փոխանցելով այն սերունդին, որ այսօր կը հանդիսանայ արդար պահանջատէր։ Մենք կորսնցուցած ենք մեր բարբառները, իւրայատուկ կենցաղը, բարքերը, տարազները, երգն ու պարը, մասունքներ կրցած ենք փրկել այն մեծ հարստութենէն որ ժառանգած ենք դարերու ընթացքին։

Այսօր, յանուն հայապահպանման եւ ազգապահպանման, եզակի այս ձեռնարկով աշխատանք կը տանինք վառ պահելու մեր նահատակներուն յիշատակը եւ նոր սերունդին փոխանցելու մեր աւանդութիւններն ու մշակոյթը։

Իր խօսքի աւարտին, ան Վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց միութեանս աշխատանքներուն իրենց ներդրումը ունեցող նախկին բոլոր վարչութիւններուն, խաչուհիներուն, որոնք խօսքը գործի վերածեցին ու ամուր ձեռքերով տնկեցին, ծաղկեցուցին եւ զարդարեցին ՍՕ Խաչի կաղնին։

Գեղարուեստական յայտագկրով ելոյթ ունեցան հետեւեալները.-

Արինա Պօշկէզէնեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Խաչիկ Տէտէեանի «Կարաւաններ Անդարձ ճանապարհի» քերթուածը։ Նաթալի Պապաեան (ջութակ) հնչեցուց Խաչատուր Աւետիսեանի «Իմ Անուշ Տաւիղ» կտորը։ Խաչիկ Աշճեան ապրումով մեներգեց Աշուղ Շերամի «Վարդ Սիրեցի»ն ։

Ապա Վարչական կազմի եւ մշակութային յանձնախումբի ընկերուհիները հերթաբար ներկայացուցին հայկական գաւառներու աշխարհագրութիւնը ու դպրոցները, իւրաքանչիւր գաւառի բնակչութիւնը բնորոշող յատկութիւնները, ինքնապաշտպանական պայքարը, հասնելով մինչեւ 1915՝ սեւ թուական։

Այնուհետեւ տեսերիզի վրայ ցուցադրուեցաւ Պատմական Հայաստանի բոլոր գաւառներու ազգագրական տարազները եւ ձեռագործները։

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան։ Ընկերուհին ներկայացուց ձեռագործներու տեսակները եւ անոնց պատմական կարեւորութիւնը։ Ապա տեղեկութիւններ տուաւ ասեղնագործ ժանեակին մասին՝ շեշտելով, որ ան եղած է դժուարագոյն եւ հնագոյն ձեռագործներէն մէկը ու իր իւրայատկութեամբ արժանացած է օտարներու հմայքին ու գնահատանքին։

Ցեղասպանութենէն ետք, հիւրընկալ Սուրիոյ մէջ կայք հաստատելով, Հալէպը կը դառնայ ասեղնագործութեան կեդրոն։ Հազարաւոր կիներ ասեղով ու գործով նեցուկ կը կանգնին իրենց ընտանիքին։

Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Այսօր, պայմաններ ստեղծուած են ժողովրդային ամենալայն խաւերուն մէջ հայկական ասեղնագործութեան զարգացման։ Այս նուրբ գործը պատերազմներու մէջէն անցնելով հասեր է մեզի, հետեւաբար մենք պարտաւոր ենք պահպանելու, ծաղկեցնելու զայն՝ տրուած ըլլալով, որ ան նախ հայ կնոջ արուեստի արտայայտութիւնն է եւ հինէն իբրեւ ժառանգ փոխանցուած է մեզի, մեր ուսերուն դնելով զայն պահպանելու եւ յաջորդ սերունդին փոխանցելու պարտականութիւնը»։

Ան շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց ներկայ վարչութեան՝ այս գեղեցիկ ձեռնարկի կազմակերպումին համար։

Յայտագիրի յաջորդ բաժինով բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան եւ Շրջ. Վարչութեան անդամ Թալին Մինասեան կատարելու «Գիր Երախտագիտութեան» բաշխումը։

«Նայիրի»ի վարչութիւնը այս առիթով գնահատեց մասնաճիւղիս վաստակաշատ ընկերուհիները եւ երկարատեւ ծառայութիւն ունեցող խմբապետուհիները, որոնք անսակարկ նուիրումով ու անխոնջ աշխատանքով բծախնդրօրէն ծառայեցին ՍՕ Խաչին։

Գնահատման աւարտին խօսք առաւ Շրջ. Վարչութեան անդամ, մասնաճիւղիս ներկայացուցիչ Թալին Մինասեան։ Ան շնորհաւորեց գնահատուող ընկերուհիները, քաջալերեց անոնց աշխատանքը եւ մաղթեց ուժ, կորով, շարունակելու իրենց ազգանուէր ծառայութիւնը։

Ձեռնարկը փակուեցաւ ՍՕ Խաչի օրհներգով։

Յետ հանդիսութեան տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշ։ Տիար Խաչիկ Աշճեան իր հմայիչ ձայնով ներկաներուն հրամցուց ժողովրդական եւ ազգային երգերու շարք մը եւ իր երգերով խանդավառեց մթնոլորտը։