Մեկնարկած է «100 Գաղափար Հայաստանի Համար-2018» Համահայկական Երիտասարդական Մրցոյթը
ՀՀ մարմնամկրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը կը յայտարարէ համահայկական երիտասարդական մրցոյթ` «100 գաղափար Հայաստանի համար» խորագիրով:
Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի 16-35 տարեկան երիտասարդներ կամ հեղինակային խումբեր: Մրցոյթին նպատակն է զարգացնել երիտասարդներու նորարարական մտածողութիւնը, ներգրաւել երիտասարդներուն Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերա-տնտեսական զարգացման խնդիրներու լուծման գործընթացներուն, խթանել գիտաարհեստագիտական մշակումներն ու նորարարական նախագիծեր իրականացնելու քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները:
Առաւել մանրամասն` այստեղ:
