Մուհամմէտ Մարգարէի Քիչ Յայտնի Հրովարտակը՝ Տրուած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր  Յարութ Սասունեան 

Տարիներ շարունակ ես լսած էի, որ գրաւոր հաղորդակցութիւն եղած է Մուհամմէտ մարգարէի եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան միջեւ, սակայն ոչ մէկ փաստաթուղթ տեսած էի անոր վերաբերեալ:

Երկու ամիս առաջ, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդացի դոկտ. Կարպիս Հարպոյեանի (Մոնթրէալ, Գանատա) գրած հետաքրքրական յօդուածը, ուր ան բացայայտած էր Մուհամմէտ մարգարէի եւ Երուսաղէմի այն ժամանակուան Հայոց պատրիարքի ու անոնց  յաջորդներուն միջեւ հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները:

Դոկտ. Հարպոյեան նշած էր իր աղբիւրները՝ Կրեկորի Գրիգորեանի «Հայկական ասեղի անցքով» գիրքը, հրատարակուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ 2002-ին: Գրիգորեան յայտարարած էր, որ իր գիրքը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին կողմէ 1931-ին հրատարակուած Տիգրան Սայալանեանցի «Երուսաղէմի պատմութեան» 1385-էջնոց երկհատորեակի անգլերէն թարգմանութեան ամփոփ պատմութիւնն է: Դոկտ. Հարպոյեան նաեւ նշած էր, որ ան վերջերս տեսած է Պէզալել Նարգիսի, Մայքլ Է. Սթոունի եւ Աւետիս Սանճեանի հեղինակած «Երուսաղէմի հայ արուեստի գանձերը» գիրքը, հրատարակուած Նիւ Եորքի մէջ 1979-ին, որ կը ներառէր Հայոց պատրիարքութեան տրուած Մուհամմէտ մարգարէի հրովարտակը:

Հայոց պատրիարքարանը Երուսաղէմի մէջ հիմնադրուած է մօտ 2000 տարի առաջ: 301-ին, քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք, մեծ թիւով հայեր ուխտագնացութիւն կատարած էին դէպի Երուսաղէմ: 420-ին անոնք կառուցած էին Սուրբ Յակոբ միաբանութեան մէկ մասը: Վեցերորդ դարուն, հայերը Երուսաղէմի մէջ արդէն կառուցած էին 66 կրօնական հաստատութիւն:

626-ին, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Աբրահամը, տեսնելով իսլամական ընդլայնման եւ նուաճման վտանգները, 40 նշանաւոր հայերու պատուիրակութեան հետ մեկնած է Մեքքա իսլամական սուրբ քաղաքը՝ Մուհամմէտ մարգարէի հետ հանդիպելու եւ անոր պաշտպանութիւնը ապահովելու համար:

Դոկտ. Հարպոյեան տեղեկացուցած է, որ մարգարէն հայ հիւրերը ընդունած էր սիրով, յարգանքով եւ ազնւութեամբ ու լսած Աբրահամ պատրիարքի առաջարկները: Հայկական պատուիրակութիւնը յայտնած էր իր հպատակութիւնը մարգարէին, անոր հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը եւ խնդրած էր անոր պաշտպանութիւնը:

Հանդիպման աւարտին, Մուհամմէտ մարգարէն հրովարտակ հրապարակած էր, ուր կ՝ըսուէր. ««Ես՝ Մուհամմէտ, որդի Ապտուլլահի, մարգարէ եւ առաքեալ Աստուծոյ, կը յարգեմ Աբրահամ պատրիարքը, կը պատոեմ զինք եւ Երուսաղէմի, Դամասկոսի ու Արաբիոյ շրջակայ վայրերու բոլոր արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսներն ու քահանաները, այլ խօսքով` այն ժողովուրդները, որոնք ենթակայ են Երուսաղէմին, այսինքն՝ եթովպիացիները, ղպտիներն ու ասորիները։ Կը ճանչնամ եւ կ՝երաշխաւորեմ անոնց վանքերը, եկեղեցիները, կրթութեան կեդրոնները, կալուածքները եւ հողերը: Ես` Մուհամմէտ մարգարէն, Աստուծոյ եւ իմ շուրջը գտնուող 30 անձերու վկայութեամբ, կը շնորհեմ իմ հովանաւորութիւնը եւ պաշտպանութիւնը եւ կը բաժնեմ իմ ողորմութիւնը հայոց եկեղեցիներուն, ուր ալ որ անոնք գտնուին` Երուսաղէմի ամբողջ տարածքին, Քրիստոսի սուրբ գերեզմանին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին, Բեթղեհեմի եկեղեցիին, բոլոր աղօթատեղիներուն, մենաստաններուն, Գողգոթայի ճանպարհին եւ սրբատեղիներուն: Նաեւ կ՝ապահովեմ եւ կը վստահեցնեմ, որ իմ պաշտպանութիւնը կը տարածուի նաեւ քրիստոնեայ բլուրներու, հովիտներու եւ  քրիստոնեաներու եկամուտի հաստատութիւններուն վրայ: Այս բոլորը կը յայտարարեմ իմ մարգարէի անունով եւ իմ հաւատացեալ մահմետականներու անունով»։

Մուհամմէտ մարգարէն յանձնարարած էր իր հետեւորդները յարգելու իր հրովարտակը եւ գործադրելու անոր բոլոր մանրամասնութիւնները: Այդ հանդիպման ներկայ էր Խաթապի որդի Օմարը, որ յաջորդեց մարգարէին եւ հրատարակեց նոյնանման հրովարտակ մը՝ հաստատելով մարգարէի հրովարտակը:

Այսպիսով, մարգարէի հրովարտակը դարձաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կարգավիճակը հաստատող առաջին պաշտօնական փաստաթուղթը: Ցաւօք, հրովարտակին բնագիրը գոյութիւն չունի պատրիարքարանի արխիւին մէջ: Սակայն այս հրովարտակի դեղնաւուն պատճէնը կը գտնուի պատրիարքարանի «Մարտիկեան» թանգարանին մէջ:

Երբ 634-ին Օմարը վերցուց խալիֆայութիւնը, ան Ապու Օպէյտը նշանակեց բանակի հրամանատար: Ապու Օպէյտի զօրքերը յարձակեցան Դամասկոսի եւ Երուսաղէմի վրայ: Յունաստանի պատրիարք Սոֆրոնիւսը եւ Հայոց պատրիարք Գրիգորը հանդիպեցան Ապու Օպէյտի հետ եւ տեղեկացուցին զայն, որ Երուսաղէմի գրաւումը պիտի յառաջացնէ Աստուծոյ զայրոյթը, քանզի Երուսաղէմը Սուրբ քաղաք է: Ապու Օպէյտ հաղորդեց Խալիֆ Օմարին երկու պատրիաքներու հետ իր ունեցած հանդիպումին մասին: Օմար անձամբ եկաւ Երուսաղէմ: Յունական պատրիարքի եղբայրը հանդիպեցաւ Օմարի հետ եւ յիշեցուց Մուհամմէտ մարգարէի հրովարտակին մասին: Այնուհետեւ, Օմար իր հրովարտակը հրապարակեց եւ հաստատեց մարգարէի հրովարտակը: Օմար իր հետեւորդներուն հետ մտաւ Երուսաղէմ, այցելեց կրօնական վայրերը եւ առաջարկեց մզկիթ կառուցել Քրիստոսի գերեզմանի կողքին գտնուող հողամասին վրայ: Մզկիթը կառուցուեցաւ 935-ին եւ անուանուեցաւ «Ալ-Օմարիէ»: Օմարը քրիստոնեաներուն պարգեւեց  քրիստոնէական պաշտամունքի ազատութիւն, սակայն արգիլեց եկեղեցիներու զանգերուն գործածութիւնը:

Օմարին յաջորդեց Խալիֆ Ալին, որ եւս հրովարտակ հրապարակեց հայերուն համար Երուսաղէմի մէջ՝ հաստատելով մարգարէի եւ Օմարի նախորդ հրովարտակները:

1097-ին, խաչակիրները ներխուժեցին եւ ազատագրեցին Երուսաղէմը: 1187-ին, Սալահէտտին ալ-Այուպին (Սալատին), որ քիւրտ էր եւ անոր ընտանիքը ծագումով Հայաստանի Դվին քաղաքէն էր, գրաւեց Երուսաղէմը եւ 100 հազար քրիստոնեաներու մեծ մասը վռնտեց քաղաքէ: Ան գրաւեց Երուսաղէմի բոլոր լատինական եկեղեցիները եւ արգիլեց եկեղեցական ծառայութիւնները: Այնուամենայնիւ, ան հայերուն մասնակի ազատութիւն շնորհեց:

Հայոց պատրիարք Աբրահամը, խումբ մը հոգեւորականներու հետ, հանդիպեցաւ Սալահէտտինի հետ եւ անոր ցոյց տուաւ Մուհամմէտ մարգարէի հրովարտակը: Այնուհետեւ Սալահէտտին իր սեփական հրովարտակը հրապարակեց եւ հաստատեց մարգարէի, Խալիֆ Օմարի եւ Ալիի հրովարտակները: Սալահէտտին իր հրովարտակին մէջ մասնաւորապէս նշած է հայերու իրաւասութեան մասին եկեղեցիներու, սուրբ վայրերու, Սուրբ Յակոբ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Բեթղեհեմի, Նապլուսի եկեղեցիներու, Սուրբ տաճարի եւ այլ սուրբ վայրերու նկատմամբ, ու յատկապէս հայերու պաշտամունքի ազատութեան մասին: Ան նաեւ իջեցուցած է հայ վաճառականներու եւ ուխտաւորներու հարկերը:

1517-ին, օսմանեան Սուլթան Սէլիմը գրաւեց Երուսաղէմը եւ հրապարակեց իր հրովարտակը, որմով հաստատեց Մուհամմէտ մարգարէի, Խալիֆ Օմարի եւ Սալահէտտինի տուած արտօնութիւնները՝ տրուած Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան: Սուլթան Սէլիմի հետեւորդ սուլթան Սուլէյմանը հրապարակեց իր սեփական հրովարտակը՝ վերահստատելով հայերուն իրաւունքները Երուսաղէմի մէջ: Յաջորդ սուլթանները՝ Մեհմէտ IV-ը՝ 1659-ին, Սուլթան Մահմուտ I-ը՝ 1735 -ին եւ Սուլթան Ապտուլմեճիտ I-ը՝ 1853-ին եւս հրապարակեցին իրենց հրովարտակները:

Մուհամմէտ մարգարէի հրովարտակը, բացի արժէքաւոր պատմական փաստաթուղթ ըլլալէն, ցոյց կու տայ, որ հայ քրիստոնեաներն ու իսլամները կը վայելէին ամենաջերմ յարաբերութիւնները հին ժամանակներէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը: Հայերը պէտք է տարածեն մարգարէի այս կարեւոր հրովարտակը, ինչպէս նաեւ անոր յետնորդներուն հրովարտակները՝ հակազդելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տարածած հակահայկական քարոզչութեան իսլամական աշխարհի մէջ:

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը