Մենք Շատ Ուրախ Ենք ու Երջանիկ, Որ Հայաստանը Կը Հիւրընկալէ Այս Գագաթնաժողովը. Միշէլ Ժան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստան, ըլլալով Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան (ՖԵՄԿ) անդամ, կրնայ դառնալ մասնիկը եւ անդամը հսկայական տարածքի մը, որ իր նպատակները ունի ե՛ւ անվտանգութեան ու կայուն զարգացման, ե՛ւ երկխօսութեան մակարդակով:  Այս մասին Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժան:

 Անոր խօսքով` Հայաստան ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին ընտրած է կարեւորագոյն թեմաներէն մէկը` ապրիլ միասին, համերաշխութեան մէջ, եւ սա կարեւորագոյն պայմանն է բարգաւաճման եւ խաղաղութեան համար: «Մենք շատ ուրախ ենք ու երջանիկ, որ Հայաստանը կը հիւրընկալէ այս գագաթնաժողովը: Մեծ հաճոյք է ըլլալ Հայաստան որպէս ՖԵՄԿ գլխաւոր քարտուղար»,-ըսած է ան:

Ժան նշած է, որ ֆԵՄԿ ծիրէն ներս կարեւոր որոշումներ պիտի ընդունուին: Գագաթնաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ այն թեկնածուներու հարցը, որոնք կը ցանկան միաւորուիլ ֆՄԵԿ-ին:

Միշէկ Ժան իր այցի ծիրէն ներս եղած է Ծիծեռնակաբերդ, ինչպէս նաեւ ԹՈՒՄՕ: «Ես երջանկութիւնը ունեցայ Թումոյի մէջ խօսելու երիտասարդներու հետ եւ տեսնելու, թէ ինչպէս անոնք կը ստանձնեն այս թաւշեայ յեղափոխութեան սերունդը ըլլալու պատասխանատւութիւնը: Անոնք հիանալի եւ շատ ճարտար կը տիրապետեն ֆրանսերէնին»,-նկատած է ՖԵՄԿ գլխաւոր քարտուղարը: