Արցախցի 2441 Աշակերտներ Առաջին Դասարան Պիտի Յաճախեն Այս Տարի

Հայաստան

 Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզանքի փոխնախարար Միքայէլ Համբարձումեան յայտնեց, որ այս ուսումնական տարեշրջանին առաջին դասարան մուտք պիտի գործեն 2441 աշակերտներ:

Շնորհաւորելով բոլոր աշակերտներն եւ ուսուցիչները գալիք  տօնին`   գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առթիւ,  Մ. Համբարձումեան  ըսած է.  «Առանձնակի ջերմութեամբ կը ցանկամ շնորհաւորել բոլոր անոնց, որոնք առաջին անգամ մուտք կը գործեն ուսումնական հաստատութիւն: Դպրոցականներուն եւ ուսանողներուն կը մաղթեմ նորանոր  գիտելիքներու  ձեռքբերում, իսկ մանկավարժներուն, որոնց վստահուած է սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան դժուարին, բայց  պատուաբեր  առաքելութիւնը` ստեղծագործական ուժ ու կորով  եւ յաջողութիւններ: Ժամանակակից աշխարհի մէջ բանիմաց ու բարեխիղճ մասնագէտը պետութեան հարստութիւնն է»: