Հայաստան Ժամանած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աւելցած է Աւելի Քան 10%

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը՝ 2018-ի առաջին կիսամեակին՝ նախորդ տարուան համեմատ՝ աճած է 10.2 %-ով: Զբօսաշրջիկներու թիւի աճին նպաստող գլխաւոր գործօնը վերջին շրջանին Հայաստանի վերաբերեալ ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան աւելնալն է:

ՀՀ Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2018 Յունուար-Յունիսին Հայաստան ժամանած է 685,971 զբօսաշրջիկ: Այդ ամիսներուն Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ աճած է 63,590-ով կամ 10.2%-ով:

Այդ ընթացքին Հայաստանէն մեկնած է 610,950 զբօսաշրջիկ, որ 40,550-ով կամ 7.1%-ով աւելի է նախորդ տարուան ցուցանիշէն: Հարկ է նշել, որ 2017-ի առաջին կիսամեակին Հայաստան ժամանած էր 622,381 զբօսաշրջիկ, իսկ 2016-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ՝ ցուցանիշը աճած էր 24.2%-ով:

 

Leave a Reply