ՀՀ Մշակոյթի Նախարարը ԱՄՆ Կատարած Այցէն Մեծ Ակնկալիքներ Ունի

Հայաստան, Սփիւռք

Հայկական մշակոյթի հանրահռչակումը ցանկացած միջազգային հարթակի վրայ շատ կարեւոր է: Ըստ armenpress.am-ի՝ անդրադառնալով ԱՄՆ կատարած այցին եւ հայկական կողմի՝ «Ֆոլքլայֆ» մշակութային փառատօնի մասնակցութեան՝ նշած է ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց: Անոր խօսքով՝ մէկ կողմէն կարեւոր է մշակոյթի պահպանութիւնը, զարգացումը երկրէն ներս, միւս կողմէն՝ մեր մշակոյթի հանրահռչակումը, զայն ճանաչելի, տեսանելի դարձնելը այլ ժողովուրդներուն:

«Վերջերս Ուաշինկթըն կատարած այցին ժամանակ մասնակցած եմ «Ֆոլքլայֆ» փառատօնին, ուր ներկայացուած էին հայերը եւ քաթալոնացիները: Ի հարկէ, ինծի համար թէ՛ իբրեւ հայ, թէ՛ իբրեւ մշակոյթի նախարար մեծ ոգեւորութիւն էր տեսնել Ուաշինկթընի կեդրոնը մեզի բնորոշող, բնութագրող հայկական տաղաւարներ: Ուրախալի էր նաեւ տեսնել մշակոյթի եւ նորագոյն ճարտարագիտութիւններու համադրութիւնը»,- նշած է նախարարը՝ յատուկ շեշտելով, որ մեծ ոգեւորութիւն նկատած է «Ֆոլքլայֆ»-ին մասնակցած ոչ միայն օտարներու, զբօսաշրջիկներու, այլեւ մեր հայրենակիցներու մէջ: 10 օր շարունակ՝ հազարաւոր հիւրեր՝ հնարաւորութիւն ունէին ծանօթանալու հայկական աւանդական մշակոյթին, սովորոյթներուն եւ մեր մշակոյթը կրողներուն:

Նախարարը արդիւնաւէտ գնահատած է ԱՄՆ իր այցը: «Այցին ժամանակ հանդիպում ունեցած եմ նաեւ The National Endowment for the Arts կազմակերպութեան հետ, որ կը ֆինանսաւորէ մշակութային տարբեր ծրագիրներ: Փորձեցինք անոնց հետ հասկնալ եւ քննարկել, թէ ինչ սկզբունքներով, չափանիշներով անոնք ԱՄՆ 50 նահանգներու մէջ մշակութային ծրագիրներու ընտրութիւն կը կատարեն: Բաւական արդիւնաւէտ հանդիպում էր, որմէ, կը կարծեմ, մենք որոշ եզրակացութիւններ պիտի ընենք»,- շեշտած է Լիլիթ Մակունց:

ՀՀ մշակոյթի նախարարը նշած է, որ եղած է նաեւ Լոս Անճելըս. այցը պետական պիւտճէէն չէր ֆինանսաւորուեր, այլ՝ տեղի համայնքին եւ «Ստեղծարար Հայաստան»-ի գործընկերներու հրաւէրն էր:

«Այցին ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած եմ տեղի մշակութային գործիչներու, մշակոյթի մէջ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալողներու հետ: Անոնք կ՝ուզէին ծանօթանալ նոր կառավարութեան ներկայացուցիչին հետ, իրենց հարցերը ուղղել անոր թաւշեայ յեղափոխութեան որոշ գործընթացներուն առնչուող թեմաներու շուրջ, այն մասին, թէ յետագային ինչպէս պիտի ծաւալէ իր գործունէութիւնը կառավարութիւնը, մասնաւորապէս, ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը: Այցելութեան ժամանակ հանդիպում ունեցած եմ նաեւ շարք մը մեծահարուստ սփիւռքահայերու հետ: Անոնց հետ փորձած ենք հասկնալ, թէ ինչպէս կրնան իրենց ներդրումը ունենալ նոր Հայաստանի մէջ: Որոշ գործընթացներ համաձայնութիւններու փուլի մէջ են, մեծ յոյս ունիմ, որ արդիւնք պիտի ըլլայ: Այս պահուն այլ բան դեռ չեմ հրապարակեր»,- աւելցուցած է ան:

Նախարարը յիշեցուցած է, որ այս տարի, Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի

«Մեթրոփոլիթէն» թանգարանին մէջ պիտի բացուի Հայաստանին առնչուող ցուցահանդէս: «Այստեղ պիտի ներկայացնենք յուշարձանային բեկորներ: «Մեթրոփոլիթէն»-ի մէջ իրականացուելիք ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մօտ 7 ամիս: Մեզի համար մեծ յաջողութիւն է, որ ցուցահանդէսը պիտի կայանայ նման վայրի մը մէջ: Ամիսներ շարունակ, աշխարհի տարբեր վայրերէն, զբօսաշրջիկներ հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու հայ մշակոյթին: ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի մշակութային փոխանակումը հետաքրքրական է այնքանով, որ այստեղ կը գնահատուի իւրօրինակութիւնը: Մենք հետաքրքրական ենք ոչ միայն ԱՄՆ-ին, այլեւ աշխարհին մեր իւրօրինակութեամբ: Եւ ակտիա պէտք է ներկայացնենք ու ամէն հնարաւոր կերպով ընդգծենք: Ի հարկէ, նոր շունչ, նոր երանգ հաղորդելով»,-եզրափակած է ՀՀ մշակոյթի նախարարը:

 

 

Leave a Reply